2015-11-23 11:55:00

Բացում` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ձեռնարկած հայագիտական դասընթացքին։


20 Նոյեմբեր 2015-ի երեկոյեան, Արամ Ա. Կաթողիկոս պաշտօնական բացումը կատարեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Կրթական-Հայագիտական բաժանմունքին կողմէ ձեռնարկուած հայագիտական դասընթացքին: Վեհափառ Հայրապետը բաժանմունքի գործավար Տիար Ժիրայր Դանիէլեանի, դասաւանդողներու եւ Միաբան Հայրերու ներկայութեան հանդիպում ունեցաւ դասընթացքին արձանագրուած երեսունէ աւելի ուսանողներուն հետ:

Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց, թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար կարեւոր բնագաւառ է Արեւմտահայերէնի պաշտպանութիւնը եւ այս առնչութեամբ տարբեր նախաձեռնութիւններու դիմած ենք: Նկատի ունենալով մեր Մայրենիին դիմագրաւած դժուարութիւնները, նաեւ հաստատեցինք այս դասընթացքը չորս տարիներ առաջ: Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ փորձառական շրջանը անցած ենք եւ տարուէ տարի աւելի ծրագրուած կը պատրաստուին ու կը համադրուին դասընթացքին նիւթերը: Վեհափառ Հայրապետը պարզեց, որ յաջորդ հանգրուանը պիտի ըլլայ համալսարանական մակարդակի բարձրացնել այս դասընթացքը եւ նշեց, թէ այդ ուղղութեամբ արդէն սկզբնական աշխատանք մը կը տարուի:

Պարոն Դանիէլեան նախ շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին եւ ըսաւ, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ աշակերտներու ընտրութեան իմաստով աւելի խստապահանջ էինք, այսօր աշակերտներու այսքան մեծ թիւով կը սկսինք մեր տարին: Ան վստ

 








All the contents on this site are copyrighted ©.